2013-06-04 12:09:09

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Ճառը Պերկամոյի Ուխտաւորներուն` Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի Մահուան 50րդ Տարեդարձի Առթիւ




Յովհաննէս ԻԳ երջանկայիշատակ Սրբազան Քահանայապետի մահուան 50րդ տարեդարձի առթիւ, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ երկուշաբթի 3 յունիսի երեկոյեան մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, գլխաւորութեամբ Պերկամօ Թեմի առաջնորդ` գերապայծառ ֆրանչէսքօ Պէսքիի եւ մասնակցութեամբ Պերկամոյէն ժամանած ուխտաւորներուն։

Սուրբ Զոհի աւարտին սրբազան քահանայապետը միանալով սուրբ Պետրոսի մէջ համախմբուած Պերկամոյի ուխտաւորներուն անոնց ճառ մը արտասանեց որուն մէջ վերյիշեց հիսուն տարիներ առաջ նոյն ժամուն տեղի ունեցած երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի մահը։
Այդ օրերուն - ըսաւ Սրբազան Հայրը - Սուրբ Պետրոսի հրապարակը դարձած էր բացօթեայ սրբավայր մը, գիշեր ցերեկ ընկալելով ամէն տարիքի հաւատացեալներ որ ամփոփուած էին Քահանայապետի առողջութեան համար աղօթելու։ Համայն աշխարհը ճանչցած էր Յովհաննէս Քահանայապետը որպէս ''Հովիւ եւ Հայր''։ Եւ այս ի յայտ կու գայ նաեւ իր եպիսկոպոսական նշանաբանի ընդմէջէն ''հնազանդութիւն եւ խաղաղութիւն'' որ - Յովհաննէս ԻԳ-ի համաձայն- կը ներկայացնէ ''իր կեանքին պատմութիւնը''։
ֆրանչիկսոս Պապը ապա մեկնելով ''խաղաղութիւն'' բառէն վեր առաւ Րոնքալլի քահանայապետի օրինակելի կենցաղը որպէս ''Բարի վարդապետ'' որ խաղաղութիւն կը ներշնչեր իր շուրջը։ Հուսկ անդրադարձաւ ''հնազանդութիւն'' բառին ըսելով` ''եթէ խաղաղութիւնը եղաւ Յովհաննէս ԻԳ արտագին առանձնայատկութիւնը, հնազանդութիւնը հանդիսացաւ ներքին դիրքորոշում։'' Արդարեւ հնազանդութիւնը միջոցն է որով խաղաղութեան կը հասնինք։ Հնազանդութիւնը շատ պարզ ու դրական իմաստ ունեցաւ` Րոնքալլի քահանայապետին համար, իր մեծաւորներէն խնդրուած ծառայութիւնը մատուցելով եկեղեցւոյ մէջ, առանց անձնական բարիքը փնտռելու եւ այս եղաւ Յովհաննէս ԻԳ-ի առանձնայատկութիւնը որպէս քահանայ, եպիսկոպոս եւ քահանայապետ։
Յովհաննէս Քահանայապետը թոյլ տուաւ որ Սուրբ Հոգին առաջնորդէ իր քայլերը ու այս պէտք է ըլլայ մեզմէ ամէն մէկուն համար ուսուցում մը - հաստատեց ֆրանչիսկոս պապը ու շարունակեց - Մահուընէ 50 տարիներ ետք` Յովհաննէս քահանայապետի իմաստուն ու հայրական առաջնորդութիւնը ու անոր սէրը Եկեղեցւոյ աւանդութեան ինչպէս նաեւ մարքարէական այն ներշնչումը գումարելու Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովը կը մնան որպէս անկիւնաքար` 20րդ Եկեղեցւոյ պատութեան մէջ ու կը հանդիսանան որպէս լուսաւոր փարոս մը մեր ճանապարորդութեան։

Սիրելի Պերակմօցիներ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակելով` թոյլ տուէք որ Սուրբ Հոգին ձեզ առաջնորդէ։ Երկինքէն Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետը սիրով պիտի ընկերանայ ձեր ուղեւորութեան։ Սրտանց կ՛օրհնեմ ձեզ բոլորդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.